Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունեց Աշխարհի Ախոյեաններ Արթուր Ալեքսանեանը Եւ Մաքսիմ Մանուկեանը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան ժամանակ ոսկի մետալներ նուաճած, աշխարհի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, 2016 թուականի Ամառնային ողիմպիական խաղերու ոսկիէ մետալակիր Արթուր Ալեքսանեանը եւ աշխարհի ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեանը: Տեսակցութեան նոյնպէս ներկայ եղան Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ճուլֆալաքեան եւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան: Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց մարզիկները` փայլուն...





