Կիրակի, 20 օգոստոս 2017-ին, Պեքաայի Խրպեթ Քանաֆար գիւղի քաղաքապետութիւնը կազմակերպած էր 21 քմ վազքի մրցում մը: Մրցումը կը կրէր «Վազենք Հիմայի համար», «Վազենք բնութեան եւ անասուններու պաշտպանութեան համար» նշանաբանը:
Այս կէս-մարաթոնը կը վայելէր հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարին հովանաւորութիւնը: Ներկայ էին զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:
21 քմ վազքին կը մասնակցէին 600-է աւելի երկսեռ մարզիկներ` զանազան մարզական ակումբներէ: 21 քմ վազքը սկսաւ առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Խրպեթ Քանաֆար գիւղի Ս. Շարպել եկեղեցւոյ շրջափակէն: Վազքի մրցումին ազդանշանը տուաւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ:
Մարզիկները խանդավառութեամբ շրջեցան գիւղերուն ու պարտէզներուն մէջ, եւ 21 քմ վազքը աւարտեցաւ դարձեալ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն: Լեւոն Թաշճեան, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Այնճարը, 21 քմ վազքը աւարտեց 2 ժամ 20 վայրկեան ժամանակի ընթացքին եւ իր տարիքային խմբաւորման մէջ գրաւեց առաջին դիրքը: Ան ստացաւ իր մետալը` ձեռամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէի: