Մարզական

Հովանաւորութեամբ Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի.  Յակոբ Թերզեան Պատուեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջկանց Ախոյեան Խումբը` Մաղթելով Նորանոր Յաջողութիւններ

Հովանաւորութեամբ Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի. Յակոբ Թերզեան Պատուեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջկանց Ախոյեան Խումբը` Մաղթելով Նորանոր Յաջողութիւններ

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին անդամ Յակոբ Թերզեան ընթրիքի յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Տիուան Պէյրութ» ճաշարանին մէջ (Էշրեֆիէ), պատուեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի կազմը` անոր Լիբանանի ախոյեան հանդիսանալուն առիթով: Ընթրիքի երեկոյին ներկայ էին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի երիտասարդութեան...

Եւրոպայի Լիկա. Արսենալ 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Մոսկուայի Բանակայիններուն

Եւրոպայի լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի ճակատումները տեղի ունեցան երէկ գիշեր: Արսենալ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մոսկուայի բանակայինները, 4-1 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Աարոն Ռամսի եւ Ալեքսանտր Լոքալեթ նշանակեցին երկուքական կոլ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Արսենալի հետ դաշտ ներկայացաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ, 61-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ վնասուածքի պատճառով:  

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Լիբանան Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Լիբանանի տղոց կրտսերներու ազգային խումբը երէկ ապահովեց Ասիոյ կրտսերներու ախոյեանութեան (16 տարեկանէն վար) քառորդ աւարտականի իր տոմսը, երբ չորս կէտի տարբերութեամբ` 82-78 արդիւնքով բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Թայփէի դէմ: Այս մրցումները տեղի կ՛ունենան Չինաստանի մէջ: Այժմ Լիբանանի համար կը մնայ յաղթանակ մը եւս արձանագրել եւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը, որուն շնորհիւ պիտի ապահովէ աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի իր տոմսը,...

«Էն. Պի. Էյ.».  Արեւելեան Շրջանէն Փլէյ-Օֆի Վերջին Տոմսը Վիճակուեցաւ Միլուոքի Պաքսին

«Էն. Պի. Էյ.». Արեւելեան Շրջանէն Փլէյ-Օֆի Վերջին Տոմսը Վիճակուեցաւ Միլուոքի Պաքսին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան վեց ճակատումներ: Արեւելեան շրջանէն փլէյ-օֆի ութերորդ եւ վերջին տոմսը բախտը եղաւ Միլուոքի Պաքսին, հակառակ անոր որ ան երէկ մրցում չկատարեց: Սակայն նկատի ունենալով, որ այդ վերջին տոմսին համար պայքարող Տիթրոյիթ Փիսթընզ իր դաշտին վրայ 115-108 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզէն, Փիսթընզ դուրս մնաց փլէյ-օֆէն: Ինչ կը վերաբերի արեւմտեան շրջանին,...

Դահուկարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Ֆրանսա

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար դահուկարշաւի փոքրերու 38-րդ միջազգային մրցաշարքին, լիբանանեան պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Ֆրանսա: Այս ախոյեանութեան մրցումները տեղի պիտի ունենան Լասքարայի մէջ, Վալ Տեզիր: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Սելիմ Քէյրուզ: Տեղի ունենալիք 2002-2003 եւ 2004-2005 տարիքային այս ախոյեանութեան Լիբանան կը մասնակցի 16 երկսեռ մարզիկներով:

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Լիբանան – Հոնկ Քոնկ Մրցումին Վիճակաձգութիւնը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենայ Լիբանան - Հոնկ Քոնկ թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցումը, որ կ՛իյնայ Ասիա - Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ: Մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 6 ապրիլի ժամը 11:00-ին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք): Բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը` շաբաթ, 7 ապրիլին, ժամը 12:00-ին,...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Լուէյզի

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումները կը սկսին այսօր` երկու ճակատումներով: ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Լուէյզին, մինչ Շանվիլ Ղազիրի դաշտին վրայ հիւրը կ՛ըլլայ Սաժեսի: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին երեկոյեան ժամը 21:30-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:

Թենիս. Տէյվիս Քափ.  Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնը Տուաւ Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Թենիս. Տէյվիս Քափ. Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնը Տուաւ Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս Մը

PROFOTO Երէկ կէսօրին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ 7-8 ապրիլին Հոնկ Քոնկի դէմ տեղի ունենալիք թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի մրցաշարքի կիսաւարտականին: Նշենք, որ Լիբանան - Հոնկ Քոնկ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանին դաշտին վրայ (Զուք Մոսպեհ): PROFOTO Ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այս ճակատումին` նշելով, որ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Եւ Լիվըրփուլ` Յաղթական

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան երկու ճակատումներ: Պարսելոնա, որ հիւրընկալեց Ա. Էս. Ռոման, 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց 90 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Հիւր կազմը քիչ մը եղաւ անբախտ, որովհետեւ անոր մարզիկները` Տանիելէ Տէ Ռոսսի (38-րդ) եւ Քոնսթանթինոս Մանոլաս (55-րդ), սխալմամբ իրենց բերդին մէջ կոլ նշանակեցին: Պարսելոնայի մնացեալ երկու կոլերը նշանակեցին Ժերար Փիքէ...

Եւրոպայի Լիկա. Այսօր` Արսենալ – Մոսկուայի Բանակայիններ

Եւրոպայի լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան հետաքրքրական չորս ճակատումներ: Անոնք չորսն ալ կը սկսին ժամը 22:05-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Լոնտոնեան Արսենալը, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, պիտի մրցի Մոսկուայի բանակայիններուն դէմ: Աթլեթիքօ Մատրիտ կը հիւրընկալէ Սփորթինկ Լիզպոնը, Լացիօ Ռոմա` Սալզպուրկը, իսկ Լայփցիկ` Մարսէյլը: Մխիթարեան իր մարզիչին` Արսէն Վենկերի...

Ձիավարութիւն. 51 Երկսեռ Մարզիկներ Մասնակցեցան Զըղրին Ակումբի Մրցաշարքին

Կազմակերպութեամբ Զըղրին ակումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնին, տեղի ունեցաւ ձիավարութեան յատուկ մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 51 երկսեռ մարզիկներու: Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնի փոխնախագահ, «Տըպպայէ Քաունթրի քլապ» ակումբի նախագահ Ժորժ Ապպուտ, Ֆետերասիոնին անդամները եւ մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները: Տարբեր տեսակի դասակարգերու մէջ մրցումներու աւարտին տիտղոսակիր դարձան Ճօ Ապպուտ, Հըլմի Նաժմէտտին, Սարա Զէյտան եւ Անճելինա Սըմահա: Աւարտին տեղի ունեցաւ...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի 16 Տարեկանէն Վար Կրտսերներու Տղոց Կազմը Յաղթեց Հնդկաստանին

Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը 88-81 արդիւնքով յաղթեց Հնդկաստանին: Այսպիսով, Լիբանան աւարտեց Ա. հանգրուանի իր մրցումները: Այսօր` հինգշաբթի, 5 ապրիլին, ժամը 13:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Լիբանան կը մրցի Թայփէի դէմ: Յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային, Լիբանան կ՛ապահովէ քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Յայտնենք, որ Ասիա - Ովկիանիա ցամաքամասէն չորս խումբեր կ՛ապահովեն...

Կռփամարտ. Սոնա Պօղոսեան Կախակայուեցաւ Խթանիչ Դեղեր Գործածելուն Պատճառով

Հայաստանի աղջկանց ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամներուն վրայ կատարուած խթանիչ դեղերու քննութիւններուն, որոնք կատարած է Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը, դրական արդիւնք տուած է Սոնա Պօղոսեանի քննութիւնը, յայտնած է ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Անիկա ժամանակաւորապէս մարզիկը զրկեց միջազգային մրցաշարքերու մասնակցելու իրաւունքէն: Իսկ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը իր ընդլայնուած նիստին ընթացքին որոշում տուաւ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արտաշէս Ներսիսեանը եւ Սոնա Պօղոսեանի անձնական մարզիչ Արման Ղազարեանը...

Թեքուանտօ. Իրաւարար Տանիել Խորասանճեան Նշանակուեցաւ Միջազգային Մրցաշարքի Մը Փոխնախագահը

Լիբանանահայ միջազգային իրաւարար մասթըր Տանիել Խորասանճեան Հարաւային Քորէայէն Պէյրութ վերադարձաւ` ստանձնելով բաւական կարեւոր պաշտօն մը: 2018-ին Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունենալիք Նիւ Փումսայէ Էճիւքէյշըն-2018-ի միջազգային մրցաշարքին ան նշանակուեցաւ փոխնախագահ: Ապա ան պիտի վարէ նոյն այդ պաշտօնը` աշխարհի Փումսայէի ախոյեանութեան, յայտնեց Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան իր այդ վկայագիրը ստացաւ Ասիոյ թեքուանտոյի ֆետերասիոնին ներկայացուցիչէն: Նիւ Փումսայէի ասիական այս խաղերը տեղի կ՛ունենան...

Դահուկարշաւ. Օլէ Էյնար Պիոռնտալէն Աւարտեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ձմեռնային ողիմպիական խաղերու 8-ակի ախոյեան, նորվեկիացի դահուկորդ Օլէ Էյնար Պիոռնտալէն պաշտօնապէս յայտարարեց իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելու մասին: «Թէեւ կը յուսայի, որ քանի մը տարի եւս կրնամ շարունակել այս ասպարէզը, սակայն բժիշկներուն եւ ընտանիքիս խորհուրդով որոշեցի հեռանալ», ըսաւ 44 տարեկան նորվեկիացին: Յայտնենք, որ ձմեռնային ողիմպիականի տղոց խաղերու պատմութեան մէջ Պիոռնտալէ ամէնէն աւելի տիտղոսակիր մարզիկն է եւ տիրացած է 13 ողիմպիական մետալի...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուեսթպրուք Նշանակեց 44 Կէտ, Բայց Օքլահոմա Պարտուեցաւ Ուորիըրզէն

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Օքլահոմա Սիթի իր դաշտին վրայ 111-107 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն, հակառակ անոր որ Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 44 կէտ: Քեւին Տիւրընթ (Ուորիըրզ) նշանակեց 34 կէտ: Ռասըլ Ուեսթպրուք Հիուսթըն Ռոքեթց 120-104 արդիւնքով յաղթեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին: Ճէյմս Հարտեն (Ռոքեթց) նշանակեց 38 կէտ: Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ 112-106...

Ֆութսալ. Ապնաա Շեքքա – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 5-1

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-սիքսի երթի մրցումներուն 5-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Պէյրութ, Ժամիհաթ Մանարի դաշտին վրայ (Թրիփոլի), հիւրը եղաւ Ապնաա Շեքքայի: Մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 5-1 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի միակ կոլը նշանակեց Երուանդ Մանասերեան: Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ շուտով պիտի հրապարակուի դարձի մրցումներուն յայտագիրը:

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Կիրակի, 8 Ապրիլին` «Քար-Տրիֆթ»-ի Մրցումը

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 8 ապրիլին, Քֆարզեպիանի Ուարտէ հրապարակին վրայ տեղի կ՛ունենայ 2018 տարուան «Քար-Տրիֆթ»-ի Ա. հանգրուանի մրցումը: Կազմակերպիչ յանձնախումբը յայտնեց, որ արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի ակումբին մէջ (Քասլիք): Անոր համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 8 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 14:00-ը: Ինքնաշարժներուն քննութիւնները տեղի պիտի ունենան կիրակի առաւօտեան, նախքան մրցումին սկսիլը:

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Եւ Պայէրն Միւնիխ Յաղթական` Իրենց Դաշտերէն Դուրս

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան երկու ճակատումներ: Նախքան մանրամասնութիւնները նշենք, որ այսօր եւս տեղի կ՛ունենան երկու այլ ճակատումներ: Յիշատակելի եղաւ այն, որ հիւր երկու կազմերն ալ` Ռէալ Մատրիտ եւ Պայէրն Միւնիխ, իրենց դաշտերէն դուրս կարեւոր յաղթանակներ արձանագրեցին: Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրն էր Եուվենթուսին, 3-0 արդիւնքով բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ...

Մխիթարեան Ստացաւ Արսենալի Փետրուար Ամսուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստի Իր Մրցանակը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 32-րդ հանգրուանի Սթոք Սիթիի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն առաջ, լոնտոնեան Արսենալի հայ միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ստացաւ փետրուար ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստի իր մրցանակը: «Շատ ուրախ եմ յաղթանակի եւ ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչումը ստանալուս համար: Շնորհակալ եմ բոլորին», ըսաւ Մխիթարեան: Այս մրցումին Արսենալ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, իսկ Մխիթարեան դաշտ ներկայացաւ 76-րդ վայրկեանին:

Page 853 of 1278 1 … 852 853 854 … 1,278

Արխիւներ