Ձմեռնային ողիմպիական խաղերու 8-ակի ախոյեան, նորվեկիացի դահուկորդ Օլէ Էյնար Պիոռնտալէն պաշտօնապէս յայտարարեց իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելու մասին:
«Թէեւ կը յուսայի, որ քանի մը տարի եւս կրնամ շարունակել այս ասպարէզը, սակայն բժիշկներուն եւ ընտանիքիս խորհուրդով որոշեցի հեռանալ», ըսաւ 44 տարեկան նորվեկիացին:
Յայտնենք, որ ձմեռնային ողիմպիականի տղոց խաղերու պատմութեան մէջ Պիոռնտալէ ամէնէն աւելի տիտղոսակիր մարզիկն է եւ տիրացած է 13 ողիմպիական մետալի (8 ոսկի, 4 արծաթ, 1 պրոնզ):