Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 32-րդ հանգրուանի Սթոք Սիթիի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն առաջ, լոնտոնեան Արսենալի հայ միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ստացաւ փետրուար ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստի իր մրցանակը:
«Շատ ուրախ եմ յաղթանակի եւ ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչումը ստանալուս համար: Շնորհակալ եմ բոլորին», ըսաւ Մխիթարեան:
Այս մրցումին Արսենալ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, իսկ Մխիթարեան դաշտ ներկայացաւ 76-րդ վայրկեանին:



