Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին անդամ Յակոբ Թերզեան ընթրիքի յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Տիուան Պէյրութ» ճաշարանին մէջ (Էշրեֆիէ), պատուեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի կազմը` անոր Լիբանանի ախոյեան հանդիսանալուն առիթով:
Ընթրիքի երեկոյին ներկայ էին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ Մոհամետ Աուայտաթ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ռամի Ֆաուազ, ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, ֆետերասիոնի անդամներ Ժորժ Սապունճեան, Եասեր Հաժ, Ղազի Պուսթանի, ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ Ֆարես Մտաուար, երեսփոխանական թեկնածու Մասուտ Աշքար, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլա, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Կարօ Պէրպէրեան, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը (մարզիչ, մարզիկ, պատասխանատու) եւ մեծ թիւով մարզական լրագրողներ:
Ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, մարզական լրագրող Ճոյս Նաուֆալ ներկայացուց Յակոբ Թերզեանը, որ առեւտրական ոլորտէն մուտք գործեց մարզական աշխարհ, ապա` քաղաքական մարզ, յոյս յայտնելով, որ ան 6 մայիսին տեղի ունենալիք լիբանանեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընտրուի երեսփոխան:
Ապա խօսք առնելով Յակոբ Թերզեան ըսաւ.
«Ուզեցի պատուել ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբը` նկատի ունենալով, որ անոնք ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով տիրացան Լիբանանի եւ Արաբական ախոյեանութիւններուն: Մեծ յոյս ունիմ, որ անոնք իրենց յաջողութիւնները կը շարունակեն միջազգային գետնի վրայ ալ եւ անոնց կու գան միանալու ՀՄԸՄ-ի տղաքը:
«Այս առիթով կու գամ կարեւորութեամբ անդրադառնալու այն կէտին, որ կառավարութիւնը պէտք է անձնական ընկերութիւններու տրամադրէ յատուկ պիւտճէ մը, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին իրենց նիւթական օժանդակութիւններով օգնեն մարզական կեանքին բարելաւման:
«Վերջապէս, կու գամ շնորհաւորելու ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի աղջկանց ախոյեան խումբը` միշտ անոր մաղթելով նորանոր նուաճումներ:
Ապա ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Թալին Խաչատուրեան խօսք առնելով ըսաւ.
«Նախ եւ առաջ կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները: Ապա, շնորհակալութեան յատուկ խօսք` Յակոբ Թերզեանին, որ ազնիւ գաղափարը ունեցաւ պատուելու ախոյեան աղջիկները: Շնորհակալութեան յատուկ խօսք նաեւ մեր հովանաւորներուն` նորանոր նուաճումներու ակնկալութեամբ»:
Ապա, Խաչատուրեան եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի յանձնախումբի անդամ Դրօ Մանտալեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի Կարօ Պէրպէրեան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեցին Յակոբ Թերզեանին:
Յատուկ յուշանուէր մը տրուեցաւ նաեւ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբի թեքնիք տնօրէն Շատա Նասերին:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
ՄԻՇԵԼ ՍԱՊՊԱՂ




