Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Եւ Պէյրութ Արձանագրեցին Իրենց Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն շրջանակներուն մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Ռիատի եւ Պէյրութ, որոնք իրենց կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էին, երէկ արձանագրեցին երկրորդը` իրենց դաշտերէն դուրս: Անթունիէ - Ռիատի մրցումէնPROFOTO Ռիատի յաղթեց Անթունիէին (112-71), իսկ Պէյրութ` Մութթահետին (78-71): Այսպիսով, Ռիատի եւ Պէյրութ, որոնք 2-0 արդիւնքով կը գերազանցեն իրենց մրցակիցները, իրենց երրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային...

«Չեմփիընզ-Լիկ». Ա. Էս. Ռոմա Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Պարսելոնան

Երէկ գիշեր, «Չեմփիընզ-լիկ» ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. Էս. Ռոմա ստեղծեց մեծ անակնկալ մը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Պարսելոնան` արձանագրելով 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Թէեւ երթին Պարսելոնա իր դաշտին վրայ արձանագրած էր 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, սակայն իտալական կազմը ինք եղաւ յաջորդ հանգրուան` կիսաւարտականին հասնողը, օգտուելով օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութենէն: Էտին Ծեքօ (6-րդ), Տանիելէ...

Եւրոպայի Լիկա. Մխիթարեան Պիտի Բացակայի Մոսկուայի Բանակայիններուն Դէմ Տեղի Ունենալիք Դարձի Մրցումէն

Լոնտոնեան Արսենալի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, վնասուածքի պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Մոսկուայի Բանակայիններուն դէմ տեղի ունենալիք Եւրոպայի լիկայի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումին, որ պիտի կատարուի վաղը` հինգշաբթի, 12 ապրիլին, Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը` մէջբերելով մարզիչ Արսէն Վենկերի խօսքերը: Նշուեցաւ նաեւ, որ հայրենի ֆութպոլիստը պատրաստ պիտի չըլլայ նաեւ Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեանութեան...

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Գրաւեց 8-րդ Դիրքը

Նախորդ շաբաթավերջին Չինաստանի մէջ աւարտեցաւ Ասիոյ 16 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը: Լիբանանի ազգային խումբը, որ իր կատարած վերջին մրցումին 95-83 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Իրանէն, գրաւեց 8-րդ դիրքը: Լիբանան, որ քառորդ աւարտականի իր տոմսը ապահոված էր` յաղթելէ ետք Թայփէին, չկրցաւ հասնիլ կիսաւարտականին` 80-71 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Չինաստանէն:  

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». 41 Ինքնաշարժներ Մասնակցեցան «Քար-Տրիֆթ»-ի Առաջին Մրցումին

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ 2018 տարուան «քար-տրիֆթ»-ի առաջին հանգրուանի մրցումը, «Ուարտէ» վազքուղիին վրայ (Քֆարզըպիան): Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 41 ինքնաշարժներ: Իբրեւ ցուցադրական մրցում ճանչցուած այս մրցումին, մասնակցող վարորդները տուին իրենց առաւելագոյնը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հանդիսատեսներու, որոնք մօտէն հետաքրքրուած են այս բնագաւառով: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ տրուեցան յուշանուէրներ` շրջանի քաղաքապետութեան եւ հովանաւորող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Նշանառութիւն. Ալեն Մուսա Տիրացաւ Ոսկի Մետալի

Նախորդ շաբաթավերջին, Մարոքի մէջ տեղի ունեցած արաբական նշանառութեան ախոյեանութեան, Լիբանանի ներկայացուցիչ Ալեն Մուսա կարեւոր նուաճում մը ձեռք ձգեց, երբ տիրացաւ ոսկի մետալին: Ան 50 հարուածներէն 43-ը հասցուց իրենց նպատակին: Այսպիսով, ան յաջողեցաւ գերազանցել Քուէյթի հանրածանօթ նշանառու Թալալ Ռաշիտին, որ 50 հարուածներէն 40-ը հասցուց իրենց նպատակին: Անոր կատարած այս իրագործումին ի տես, Լիբանանի նշանառութեան ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Ժալըխ շնորհաւորեց Մուսան:

«Ֆորմիւլա-1» Սեպասթիան Վեթելի Երկրորդ Յաղթանակը

«Ֆորմիւլա-1»-ի 2018-ի աշխարհի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանը եւս աւարտեցաւ «Ֆեռարի»-ի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթելի յաղթանակով: Պահրէյնի այս կրան փրիին (57 լեփ) երկրորդ դիրքը գրաւեց «Մերսետես»-ի ֆինլանտացի ներկայացուցիչ Վալթերի Պոթթաս: Իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը պաշտպանող անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն («Մերսետես»): Այժմ Վեթել 50 կէտով կը գրաւէ վարորդներու դասաւորման առաջին դիրքը, մինչ Հեմիլթըն ունի 33 կէտ, իսկ Պոթթաս` 22 կէտ:

Քափելլօ Աւարտեց Մարզիչի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Իտալացի անուանի ֆութպոլի մասնագէտ Ֆապիօ Քափելլօ, պաշտօնապէս յայտարարեց մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելու մասին: 71 տարեկան մարզիչը նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ եղաւ Զեանկսու Սուն (Չինաստան) ակումբին կողմէ, որուն մարզիչն էր 2017-ի կէսէն ի վեր: Ան եղած է մարզիչը բազմաթիւ խումբերու, որոնց կարգին` Ա. Սէ. Միլան, Ա. Էս. Ռոմա, Եուվենթուս, Ռէալ Մատրիտ, ինչպէս նաեւ` Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբերը:

Խաղաղութեան Վազք Մարսէյէն Երեւան` 103 Օրուան Ընթացքին

«Սփորթց. նիուզ. ամ» հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ ֆրանսահայ մարզիկ Արա Խաչատուրեան 103 օրուան իր վազքով ֆրանսական Մարսէյ քաղաքը եւ Երեւանը իրարու պիտի միացնէ: Այս վազքին նպատակն է տարածել խաղաղութեան եւ եղբայրութեան ուղերձը, կը յայտնէ Հայաստանի մէջ ֆրանսական դեսպանատունը` մէջբերելով Մարսէյի քաղաքապետութեան հրապարակած մէկ լուրը, որ կ՛անդրադառնայ այդ վազքին մեկնարկին:  

2018-ի Մոնտիալ. Ճափոն Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

2018-ի մոնտիալի ազդանշանին տրուելէն 2 ամիս առաջ, Ճափոնի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի պոսնիացի մարզիչ Վահիտ Հալիլովիչը: Թէեւ Հալիլովիչ յաջողեցաւ Ճափոնի համար 2018-ի մոնտիալի տոմս մը ապահովել, բայց ֆետերասիոնը դժգոհ է բարեկամական մրցումներուն ընթացքին արձանագրուած արդիւնքներէն: 2018-ի մոնտիալին Ը. խմբակին մաս կազմող Ճափոն իրեն մրցակից պիտի ունենայ Լեհաստանը, Սենեկալը եւ Քոլոմպիան:

Քարաթէ. Երեւանի Մէջ Սկսաւ Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը

Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի նախկին Միքա մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Քարաթէի ախոյեանութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ նուիրուած է Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակին: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 28 երկիրներէ շուրջ 700 մարզիկներ:

13-15 Ապրիլին Երեւան Կը Հիւրընկալէ Եւրոպայի Քոնկ Ֆուի Բաց Ախոյեանութիւնը

Հայկական մարզական կայքերը կը հաղորդեն, որ 13-15 ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի քոնկ ֆուի բաց ախոյեանութիւնը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ մայրաքաղաքի հիմնադրութեան 2800-ամեակին: Միքա մարզահամալիրին մէջ իրարու դէմ պիտի ճակատին Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Իտալիայէն, Ֆրանսայէն, Վրաստանէն, Իրանէն, Չինաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ անշուշտ Հայաստանէն ժամանած բազմաթիւ մարզիկներ: Այս ախոյեանութիւնը կազմակերպեց Հայաստանի քոնկ ֆուի ֆետերասիոնը:

Նշմար. Գետը Չտեսած Բոպիկցան…

ԹՈՐԳՈՄ Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը այս տարեշրջանին ի վերջոյ պիտի նուաճէ Մանչեսթըր Սիթին, պարզապէս որովհետեւ խաղային մակարդակով մնացեալներէն քանի մը գլուխ բարձր է, աւելի շատ կոլեր նշանակած է եւ աւելի նուազ կոլեր ստացած է: Դժուար թէ վիճելի ըլլայ ասիկա: Բայց նոյնպէս կայ երեւոյթ մը, որ մնացեալ խումբերուն հանդէպ փափկանկատութեան հարց է եւ յոխորտանք կոչուած փորձութիւնը, որմէ  զերծ մնալը աւելի...

Ոգեկոչելու Համար Ապրիլեան Եղեռնի Նահատակներուն Յիշատակը.  Պասքեթպոլի Բարեկամական Մրցում` ՀՄԸՄ-ի Եւ Անդրանիկի Վեթերաններուն Միջեւ

Ոգեկոչելու Համար Ապրիլեան Եղեռնի Նահատակներուն Յիշատակը. Պասքեթպոլի Բարեկամական Մրցում` ՀՄԸՄ-ի Եւ Անդրանիկի Վեթերաններուն Միջեւ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի պասքեթպոլի յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համմուտի մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 8 ապրիլին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի բարեկամական մրցում մը` ՀՄԸՄ-ի եւ Անդրանիկի վեթերաններուն միջեւ: Այս մրցումը կազմակերպուած էր ոգեկոչելու համար Ապրիլեան եղեռնի սուրբ նահատակներուն յիշատակը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կողմէ ներկաներուն ուղղած բարի գալուստի իր խօսքով, Կրէյս Պապոյեան յայտնեց,...

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջկանց Կազմը Մեկնեցաւ Յորդանան

Երէկ` երկուշաբթի, 9 ապրիլին, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը մեկնեցաւ Ամման (Յորդանան)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար ՖԻՊԱ-Ասիա ախոյեանութեան մրցաշարքին: Մրցումները կը սկսին այսօր, եւ ՀՄԸՄ-ի առաջին մրցակիցը կ՛ըլլայ Ապատան: ՀՄԸՄ իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ հինգշաբթի, 12 ապրիլին, Օրթոտոքսիի դէմ: Մրցաշարքին կը մասնակցի նաեւ լիբանանեան այլ խումբ մը` Ռիատի:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Լուէյզին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Լուէյզին

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ կատարուեցան չորս ճակատումներ: ՀՄԸՄ, որ հիւրը եղաւ Լուէյզիի, 94-68 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (23-33, 10-26, 18-17 եւ 17-18), 2-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը: Հինգշաբթի, 12 ապրիլին, իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային, ՀՄԸՄ պիտի ապահովէ ֆայնըլ-ֆորի իր տոմսը: Առաջին մրցումին նման, ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մուժահես բաւական հանգիստ տուաւ իր...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մատրիտեան Քաղաքի Տերպիին Հաւասարութենէն Մեծագոյն Օգտուողը` Պարսելոնան

Նախորդ շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ բաւական հետաքրքրական եղաւ մատրիտեան քաղաքի տերպիի մրցումը` Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ: «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումը, որ աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ, եղաւ ամբողջութեամբ ի նպաստ Պարսելոնայի, որ 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լեկանեսի, ունեցաւ 11 կէտի առաւելութիւն մը իր անմիջական մրցակիցին` Աթլեթիքօ Մատրիտի վրայ: Լիոնել Մեսսի իրագործեց հեթրիք մը: Ան...

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Լիբանան Յաղթեց Հոնկ Քոնկին (3-1) Եւ Աւարտականին Կը Մրցի Թայլանտի Դէմ

Նախորդ շաբաթավերջին Լուէյզի համալսարանը իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Լիբանան - Հոնկ Քոնկ թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի մրցումները, որոնք կ՛իյնան Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասի մրցումներուն ծիրին մէջ: PROFOTO Լիբանան 3-1 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Թայլանտի դէմ (յառաջիկայ սեպտեմբերին): Հոնկ Քոնկի դէմ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ եղան մեծ թիւով լիբանանցի համակիրներ, որոնք եկան քաջալերելու իրենց մարզիկները:...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Քառորդ Աւարտականի Դարձի 2 Ճակատումներ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի 2 ճակատումներ կը կատարուին, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ 2 խումբեր հրաժեշտ կու տան մրցաշարքին: Վաղուան յայտագիրին վրայ եւս կը գտնուին 2 այլ ճակատումներ: Ստորեւ կու տանք մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ` երթի մրցումներուն արդիւնքները. ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Մանչեսթըր Սիթի - Լիվըրփուլ (0-3) 21:45 Ա. Էս. Ռոմա - Պարսելոնա (1-4) 21:45 ՎԱՂԸ  ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Լուէյզիի Դէմ (97-77)

Երէկ` հինգշաբթի, 5 ապրիլին սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի ճակատումները երկու հանդիպումով: ՀՄԸՄ, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Լուէյզին, բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց` 97-77 արդիւնքով (34-17, 19-16, 30-22, 14-22): ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մուժահես առաջին քորթըրին դաշտ ներկայացուց իր հիմնական կազմը: Սակայն երբ ի յայտ եկաւ, որ մրցումը կէտերու շատ մեծ...

Page 852 of 1278 1 … 851 852 853 … 1,278

Արխիւներ