Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումները կը սկսին այսօր` երկու ճակատումներով:
ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Լուէյզին, մինչ Շանվիլ Ղազիրի դաշտին վրայ հիւրը կ՛ըլլայ Սաժեսի:
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին երեկոյեան ժամը 21:30-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: