Լիբանանահայ միջազգային իրաւարար մասթըր Տանիել Խորասանճեան Հարաւային Քորէայէն Պէյրութ վերադարձաւ` ստանձնելով բաւական կարեւոր պաշտօն մը:
2018-ին Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունենալիք Նիւ Փումսայէ Էճիւքէյշըն-2018-ի միջազգային մրցաշարքին ան նշանակուեցաւ փոխնախագահ: Ապա ան պիտի վարէ նոյն այդ պաշտօնը` աշխարհի Փումսայէի ախոյեանութեան, յայտնեց Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան իր այդ վկայագիրը ստացաւ Ասիոյ թեքուանտոյի ֆետերասիոնին ներկայացուցիչէն:
Նիւ Փումսայէի ասիական այս խաղերը տեղի կ՛ունենան առաջին անգամ ըլլալով: