Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-սիքսի երթի մրցումներուն 5-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Պէյրութ, Ժամիհաթ Մանարի դաշտին վրայ (Թրիփոլի), հիւրը եղաւ Ապնաա Շեքքայի:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 5-1 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի միակ կոլը նշանակեց Երուանդ Մանասերեան:
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ շուտով պիտի հրապարակուի դարձի մրցումներուն յայտագիրը: