Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը 88-81 արդիւնքով յաղթեց Հնդկաստանին: Այսպիսով, Լիբանան աւարտեց Ա. հանգրուանի իր մրցումները:
Այսօր` հինգշաբթի, 5 ապրիլին, ժամը 13:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Լիբանան կը մրցի Թայփէի դէմ:
Յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային, Լիբանան կ՛ապահովէ քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Յայտնենք, որ Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասէն չորս խումբեր կ՛ապահովեն աշխարհի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը: