Հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենայ Լիբանան – Հոնկ Քոնկ թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցումը, որ կ՛իյնայ Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ:
Մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 6 ապրիլի ժամը 11:00-ին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք):
Բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը` շաբաթ, 7 ապրիլին, ժամը 12:00-ին, «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի դաշտին մէջ, ուր տեղի պիտի ունենան նաեւ մրցումները: