Մարզական

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Մասնակի Ընտրութիւններ

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի իր կեդրոնատեղիին մէջ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը յատուկ ժողով մը գումարելով կատարեց մասնակի ընտրութիւններ: Այդ ժողովին ներկայ էին 9 ակումբներու 5 ներկայացուցիչները, որոնք իրաւունք ունին ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ բնականաբար քուէարկելու: Թափուր մնացած աթոռի մը համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին երկու անձեր` Սոնիա Ժըրժես եւ Շետի Զըղէյպ: Նկատի ունենալով, որ վերջինս յետս կոչեց իր թեկնածութիւնը, Սոնիա Ժըրժես մրցակիցի չգոյութեան...

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Աղջկանց Պասքեթպոլի Խումբին Մաս Կազմող Մարզիկը Տիրացաւ 3 Մետալի

Նախորդ շաբաթ Գերմանիայէն Լիբանան վերադարձաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աղջկանց պասքեթպոլի խումբին մաս կազմող Ճենիֆըր Նաամէ` Գերմանիոյ քիք-պոքսինկի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք: Ան բաւական լաւ եւ տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելէ ետք տիրացաւ երեք տարբեր տեսակի մետալներու: Փոյնթ-ֆայթինկի մէջ ան տիրացաւ ոսկի մետալի, Քիք-լայթի մրցումներուն ձեռք ձգեց արծաթ մետալ մը, իսկ Լայթ-քոնթաքթի մէջ` պրոնզ մետալ մը:

Ծանրաբարձութիւն. Սարգիս Մարտիրոսեան` Եւրոպայի Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիր

Աւստրիան ներկայացնող Սարգիս Մարտիրոսեան Պուքրեշի մէջ աւարտած Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան 105 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր: Ան բարձրացուց ընդամէնը 384 քկ (182 եւ 202): Ախոյեան հանդիսացաւ Լեհաստանի ներկայացուցիչը (396 քկ): Հայաստանի ծանրաբարձութեան խումբը Եւրոպայի ախոյեանութեան չմասնակցեցաւ` որակազրկումի պատճառով:

Թենիս. Նատալ Անցաւ Ֆետերերին. Կարէն Խաչանով` 40-րդ Դիրքին Վրայ

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ նոր հրապարակուած դասաւորման մէջ, սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ անցաւ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերին եւ գրաւեց պարագլուխի դիրքը: Վերջերս 36 տարեկան Ֆետերեր դարձաւ պատմութեան ամէնէն տարիքոտ մարզիկը, որ կը գրաւէ առաջին դիրքը` գերազանցելով ամերիկահայ Անտրէ Աղասիի հաստատած մրցանիշը: Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով մէկ դիրք բարձրանալով այժմ կը գրաւէ 40-րդ դիրքը: 21 տարեկան Խաչանով Ռուսիոյ երկրորդ դիրքը...

Հայկական Ֆութպոլ. Սուքիասեան Փոխարինեց Խաշմանեանը

Ալաշկերտի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան, իր հրաժարականը տուաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանին Գանձասար-Կապանէն իր կազմին կրած պարտութենէն ետք, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Ալաշկերտի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Հայաստանի ազգային ու երիտասարդական հաւաքականներու եւ Արարատ Երեւանի նախկին գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան, որ անմիջապէս սկսաւ փորձերու: Ան իրեն օգնական պիտի ունենայ Կարէն Բարսեղեանը, որ նախորդ շաբաթ հեռացաւ Գանձասար-Կապանի գլխաւոր մարզիչի...

Սալահ Իր Պայմանները Կը Ներկայացնէ Ռէալ Մատրիտին

Լիվըրփուլի միջնապահ Մոհամետ Սալահ նախորդ շաբաթ Ռէալ Մատրիտի պատասխանատուներուն հետ ունեցած է բանակցութիւններ, կը յայտնէ «Տոն Պալոն»: Աղբիւրին համաձայն, եգիպտացի ֆութպոլիստը պայմաններ ներկայացուցած է արքայական ակումբին: Ան Ռէալ Մատրիտի հիմնական խումբին մէջ երաշխաւորուած տեղ պահանջած է, ինչպէս նաեւ աշխատավարձի զգալի բարձրացում: Ֆութպոլիստը կ՛ուզէ Ռէալի երկրորդ ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը դառնալ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյէն ետք: Ընթացիկ ախոյեանութեան, 25 տարեկան միջնապահը 31 մրցումի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Գրաւեց Պարագլուխի Դիրքը Եւ Կը Ճակատի Լուէյզիի Դէմ

ՀՄԸՄ Բաժակի Մրցաշարքին Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը Շաբաթ, 31 մարտին աւարտեցան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումները եւ յստակացան ֆայնըլ-էյթին իրարու դէմ ճակատող խումբերը: ՀՄԸՄ, որ գրաւեց պարագլուխի դիրքը, պիտի ճակատի Լուէյզիի դէմ (8-րդ): Ռիատի իր դէմ պիտի ունենայ Անթունիէն, Սաժես Շանվիլը, իսկ Պէյրութ` Մութթահետը: Հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ ֆայնըլ-ֆորի իր տոմսը: ՀՄԸՄ -...

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. Այսօր` Ապնաա Շեքքա – ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ սիքսի 5-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 3 ապրիլին, ՀՄԸՄ Պէյրութ հիւրը պիտի ըլլայ Ապնաա Շեքքայի: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ժամիհեթ Մանարի դաշտին վրայ (Թրիփոլի), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին: ՀՄԸՄ-ի կազմը ցարդ արձանագրած է, յաղթանակ մը, հաւասարութիւն մը եւ կրած երկու պարտութիւն (ֆայնըլ սիքսի մրցումներուն):

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Եուվենթուս – Ռէալ Մատրիտ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը կը կատարուին երկուքական բաւական հետաքրքրական մրցումներ: Այսօրուան մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ հիւրը պիտի ըլլայ Եուվենթուսի, մինչ վաղը Պարսելոնա կը հիւրընկալէ Ա. Էս. Ռոման: Ստորեւ մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Եուվենթուս - Ռէալ Մատրիտ 21:45 Սեւիլլա - Պայէրն Միւնիխ 21:45 ՎԱՂԸ   Պարսելոնա - Ա. Էս. Ռոմա...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ահտ Հանդիսացաւ Լիբանանի Ախոյեան` Վեցերորդ Անգամն Ըլլալով

Լիբանանի ֆութպոլի 58-րդ ախոյեանութեան նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացաւ Լիբանանի ախոյեանին անունը: Ահտ վեցերորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան, երբ ունեցաւ 4 կէտի առաւելութիւն մը իր անմիջական մրցակիցին` Նըժմէի վրայ: Ահտ իր յաղթանակի եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Անսարի դէմ, մրցումին աւարտէն 5 վայրկեան առաջ, այսպիսով վերջ մը դնելով Նըժմէի` ախոյեան հանդիսանալու համար թափած ճիգերուն:  

Կռփամարտ. Նարեկ Մանասեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Հայաստանի ներկայացուցիչ Նարեկ Մանասեան յաջողեցաւ տիրանալ պրոնզ մետալին, երբ Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի Եւրոպայի 18-22 տարեկաններու ախոյեանութեան գրաւեց երրորդ դիրքը` 91 քկ դասակարգին մէջ: Ան կիսաւարտականին պարտութիւն մը կրեց իր ռուս մրցակիցէն: Այս լուրը հաղորդեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:  

Պասքեթպոլ. Պէյրութ Ակումբը Իրաւունք Ստացաւ Հիւրընկալելու Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Պէյրութ պասքեթպոլի ակումբը կը շարունակէ յաջողութիւններ արձանագրել եւ իր կարեւոր ներդրումը ունենալ լիբանանեան մարզաշխարհին մէջ: Ակումբի նախագահ Նետիմ Հաքիմի թափած ճիգերուն շնորհիւ, անիկա իրաւունք ստացաւ հիւրընկալելու պասքեթպոլի ակումբներու տղոց ախոյեանութիւնը: Արաբական ակումբներու այդ ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու իրաւունքը ակումբը ստացաւ Արաբական պասքեթպոլի ֆետերասիոնէն: Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 1-11 հոկտեմբեր 2018-ին:  

Թենիս. Լիբանանի 12 Տարեկանէն Վար Ազգային Խումբը Հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեան

PROFOTO Նախորդ շաբաթավերջին Կոլֆ ակումբին մէջ աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ 12 տարեկանէն վար թենիսի ախոյեանութիւնը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի եւ հսկողութեամբ Ասիոյ թենիսի ֆետերասիոնին: Տղոց ազգային խումբը հասաւ աւարտականին, ուր սակայն պարտուեցաւ Իրանէն (2-1): Ինչ կը վերաբերի աղջկանց աւարտականին, պատահեցաւ ճիշդ հակառակը. Լիբանան յաղթեց Իրանին (2-1): Այսպիսով, Լիբանանի եւ Իրանի զոյգ խումբերը ապահովեցին Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը:...

Պասքեթպոլ.  Լիբանանի 16 Տարեկանէն Վար Տղոց Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Չինաստան

Պասքեթպոլ. Լիբանանի 16 Տարեկանէն Վար Տղոց Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Չինաստան

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի 16 տարեկանէն վար տղոց կրտսերներու ազգային խումբը մեկնեցաւ Ֆուշան (Չինաստան)` հոն իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ կրտսերներու 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան: Ասիա - Ովկիանիա ցամաքամասէն չորս խումբեր կ՛ապահովեն Ասիոյ ախոյեանութեան կիսաւարտականի իրենց տոմսերը: Լիբանան յաջորդաբար պիտի մրցի Ճափոնի, Հարաւային Քորէայի եւ Հնդկաստանի դէմ: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Փաթրիք Լահուտ: Լիբանան, որ երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը, 94-68...

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Խումբերը Հանդիսացան Արեւմտեան Ասիոյ Աղջկանց Ախոյեաններ

Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց ազգային խումբը կարեւոր նուաճումով մը վերադարձաւ Յորդանանէն, ուր աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Յորդանանին, հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ փինկ փոնկի աղջկանց ախոյեան: Նախքան այս յաղթանակը, Լիբանան յաղթեց նաեւ Սուրիոյ (3-0) եւ Իրաքի (3-0): Իր կարգին, աղջկանց 21 տարեկանէն վար ազգային խումբը տիրացաւ տիտղոսին` արձանագրելէ ետք յաջորդական երեք յաղթանակներ` Իրաքի (3-0), Յորդանանի (3-1), եւ Սուրիոյ (3-1) դէմ: Իսկ...

Թենիս. «Տէյվիս-Քափ».  7-8 Ապրիլին Լիբանան Կը Մրցի Հոնկ Քոնկի Դէմ

Թենիս. «Տէյվիս-Քափ». 7-8 Ապրիլին Լիբանան Կը Մրցի Հոնկ Քոնկի Դէմ

Լիբանանի թենիսի տղոց «Տէյվիս Քափ»-ի խումբը 7-8 ապրիլին կը մրցի Հոնկ Քոնկի դէմ, Ասիա - Ովկիանիա ցամաքամասի կիսաւարտականին ծիրին մէջ: Այս մրցումները տեղի պիտի ունենան «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի (Զուք Մոսպեհ) մարզադաշտին վրայ: Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ յայտնելու նպատակով, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը վաղը` չորեքշաբթի, 4 ապրիլին կու տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` ներկայութեամբ յատուկ հրաւիրեալներու:  

Մանչեսթըր Եունայթըտ Որոշեց Աղջկանց Ֆութպոլի Արհեստավարժ Խումբ Ստեղծել

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ ակումբը որոշեց յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ աղջկանց արհեստավարժ ֆութպոլի խումբ ստեղծել: Ցարդ Մանչեսթըր Եունայթըտ «Փրեմիեր լիկ»-ի միակ ակումբն է, որ աղջկանց ֆութպոլի խումբ չունի: Մանչեսթըր Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին դիմումնագիր մը ներկայացուց աղջկանց «Սուփըր-լիկա»-ին մասնակցելու համար: Շատ հաւանական է, որ անիկա յառաջիկայ տարեշրջանին իրաւունք ստանայ մասնակցելու «Սուփըր լիկա»-ի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան:  

Ֆրանսայի Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Փարիզ Սեն Ժերմեն Տիտղոսակիր` Յաջորդաբար Հինգերորդ Տարին Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ Պորտոյի դաշտին վրայ, աւարտեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յաղթանակով: Վերջինս 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մոնաքոն, յաջորդաբար հինգերորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր: Ուրուկուէյի յառաջապահ Էտինսոն Քուանի տուպլէ մը իրագործեց, մինչ երրորդ կոլը նշանակեց արժանթինցի Անխել Տի Մարիա: Այսպիսով, Փարիզ Սեն Ժերմեն 8-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ մը) տիրացաւ այս...

Նշմար.  Լարա Քեչեպաշեանի   Երջանկութեան Բանաձեւը

Նշմար. Լարա Քեչեպաշեանի Երջանկութեան Բանաձեւը

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ Մարզաշխարհի պատմութեան զարգացման ընթացքին գրանցուած են բազմաթիւ փոփոխութիւններ, հաստատուած են նորանոր կանոններ, յաղթանակի նոր չափանիշներ... սակայն ի սկզբանէ առկայ է մէկ ճշմարտութիւն` արհեստավարժ մարզիկը իր անսահման աշխատասիրութեան, ամուր կամքին եւ նպատակասլացութեան շնորհիւ շարունակ կը փորձէ յաղթահարել եւ իրագործել անկարելին: 1994-ին Պուրճ Համուտի մէջ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի մարզումներուն հետեւող 12-ամեայ Լարա Քեչեպաշեանի ուշադրութիւնը կը գրաւեն քովի սրահին մէջ կայացող սեղանի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Շանվիլ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին վաղը` շաբաթ, 31 մարտին երբ տեղի կ՛ունենան վերջին երկու մրցումները: ՀՄԸՄ-ի կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Շանվիլը, մինչ Ղազիրի իր դաշտին վրայ Սաժես` Պէյրութը: Այս երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին: ՀՄԸՄ-ի համար այս մրցումը բաւական կարեւոր կը նկատուի` նկատի ունենալով,...

Page 854 of 1278 1 … 853 854 855 … 1,278

Արխիւներ