«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Օքլահոմա Սիթի իր դաշտին վրայ 111-107 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն, հակառակ անոր որ Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 44 կէտ: Քեւին Տիւրընթ (Ուորիըրզ) նշանակեց 34 կէտ:

Հիուսթըն Ռոքեթց 120-104 արդիւնքով յաղթեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին: Ճէյմս Հարտեն (Ռոքեթց) նշանակեց 38 կէտ:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ 112-106 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թորոնթօ Ռեփթըրզը: Լեպրոն Ճէյմս (Քաւալիրզ) նշանակեց 27 կէտ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ցարդ փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահոված խումբերը.
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆ.- Թորոնթօ Ռեփթըրզ, Պոսթըն Սելթիքս, Քլիվլենտ Քաւալիրզ, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ, Ինտիանա Փէյսըրզ, Մայեմի Հիթ եւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ.- Հիուսթըն Ռոքեթց, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ եւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ:
Վերջին վեց տոմսերուն համար պայքարը ցարդ չէ աւարտած: