Կազմակերպութեամբ Զըղրին ակումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնին, տեղի ունեցաւ ձիավարութեան յատուկ մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 51 երկսեռ մարզիկներու:
Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնի փոխնախագահ, «Տըպպայէ Քաունթրի քլապ» ակումբի նախագահ Ժորժ Ապպուտ, Ֆետերասիոնին անդամները եւ մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները:
Տարբեր տեսակի դասակարգերու մէջ մրցումներու աւարտին տիտղոսակիր դարձան Ճօ Ապպուտ, Հըլմի Նաժմէտտին, Սարա Զէյտան եւ Անճելինա Սըմահա:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: