Իր մասնակցութիւնը բերելու համար դահուկարշաւի փոքրերու 38-րդ միջազգային մրցաշարքին, լիբանանեան պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Ֆրանսա:
Այս ախոյեանութեան մրցումները տեղի պիտի ունենան Լասքարայի մէջ, Վալ Տեզիր:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Սելիմ Քէյրուզ:
Տեղի ունենալիք 2002-2003 եւ 2004-2005 տարիքային այս ախոյեանութեան Լիբանան կը մասնակցի 16 երկսեռ մարզիկներով: