Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 8 ապրիլին, Քֆարզեպիանի Ուարտէ հրապարակին վրայ տեղի կ՛ունենայ 2018 տարուան «Քար-Տրիֆթ»-ի Ա. հանգրուանի մրցումը:
Կազմակերպիչ յանձնախումբը յայտնեց, որ արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի ակումբին մէջ (Քասլիք): Անոր համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 8 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 14:00-ը:
Ինքնաշարժներուն քննութիւնները տեղի պիտի ունենան կիրակի առաւօտեան, նախքան մրցումին սկսիլը:



