
Երէկ կէսօրին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ 7-8 ապրիլին Հոնկ Քոնկի դէմ տեղի ունենալիք թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի մրցաշարքի կիսաւարտականին:
Նշենք, որ Լիբանան – Հոնկ Քոնկ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանին դաշտին վրայ (Զուք Մոսպեհ):

Ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այս ճակատումին` նշելով, որ լիբանանցի համակիրները պէտք է ամէն գնով ուղղուին դաշտ եւ քաջալերեն իրենց կազմը:
Հոնկ Քոնկի արգելքը շրջանցելու պարագային (Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամաս), Լիբանան իր դէմ պիտի ունենայ Թայլանտ – Ֆիլիփեան կղզիներ մրցումէն յաղթականը: