Եւրոպայի լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան հետաքրքրական չորս ճակատումներ:
Անոնք չորսն ալ կը սկսին ժամը 22:05-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Լոնտոնեան Արսենալը, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, պիտի մրցի Մոսկուայի բանակայիններուն դէմ:
Աթլեթիքօ Մատրիտ կը հիւրընկալէ Սփորթինկ Լիզպոնը, Լացիօ Ռոմա` Սալզպուրկը, իսկ Լայփցիկ` Մարսէյլը:
Մխիթարեան իր մարզիչին` Արսէն Վենկերի կողմէ նկատի առնուած է հիմնական կազմին մէջ: