Լիբանանի տղոց կրտսերներու ազգային խումբը երէկ ապահովեց Ասիոյ կրտսերներու ախոյեանութեան (16 տարեկանէն վար) քառորդ աւարտականի իր տոմսը, երբ չորս կէտի տարբերութեամբ` 82-78 արդիւնքով բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Թայփէի դէմ:
Այս մրցումները տեղի կ՛ունենան Չինաստանի մէջ:
Այժմ Լիբանանի համար կը մնայ յաղթանակ մը եւս արձանագրել եւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը, որուն շնորհիւ պիտի ապահովէ աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի իր տոմսը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ յունիսին, Արժանթինի մէջ:



