«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան վեց ճակատումներ:
Արեւելեան շրջանէն փլէյ-օֆի ութերորդ եւ վերջին տոմսը բախտը եղաւ Միլուոքի Պաքսին, հակառակ անոր որ ան երէկ մրցում չկատարեց:
Սակայն նկատի ունենալով, որ այդ վերջին տոմսին համար պայքարող Տիթրոյիթ Փիսթընզ իր դաշտին վրայ 115-108 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզէն, Փիսթընզ դուրս մնաց փլէյ-օֆէն:
Ինչ կը վերաբերի արեւմտեան շրջանին, վերջին հինգ տոմսերուն համար պայքարը կը շարունակուի եօթը խումբերու միջեւ:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 108-115 |
Օրլանտօ Մեճիք – Տալաս Մավըրիքս | 105-100 |
Աթլանթա Հոքս – Մայեմի Հիթ | 86-115 |
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Պոսթըն Սելթիքս | 96-78 |
Նիւ Օրլինզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ | 123-95 |
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ | 122-112 |
Ստորեւ` այսօրուան յայտագիրը.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Միլուոքի Պաքս – Պրուքլին Նեթց
Եութա Ճեզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Տենվըր Նակեթց – Մինեսոթա Վուլվզ