Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Նիւ Եորքի մէջ (Մ. Նահանգներ) տեղի ունեցող Սինսինաթիի Մասթըրզի միջազգային բաց մրցաշարքին, չկրցաւ ապահովել քառորդ աւարտականին իր տոմսը, երբ պարտութիւն մը կրեց սպանացի իր մրցակիցէն՝ Ռոպերթօ Պաութիսթա Ակութէն (դասուած՝ 8-րդ), 6-4, 3-6 եւ 2-6 արդիւնքով: Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց երկու ժամէն աւելի:
Կիսաւարտականի մրցումներուն, Պաութիսթա իր դէմ պիտի ունենայ թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչին:
Նշենք, որ քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Պաութիսթա յաղթեց 3-րդ դասուած ռուս Տանիիլ Մետվետեւին, մինչ Ճոքովիչ՝ գերմանացի Եան-Լենարտ Շթրուֆին: