Ինչպէս ծանօթ է, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆ-ի Ա. հանգրուանի մրցումները տեղի կ’ունենան բաւական հետաքրքրական եւ տաք մթնոլորտի մը մէջ եւ իւրաքանչիւր խումբ կը փորձէ իր ամէն կարելին ընել հասնելու համար յաջորդ հանգրուանին:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, այժմ երեք կազմեր ապահոված են կիսաւարտականին իրենց տոմը (երեքն ալ արեւելեան շրջանէն), երեքն ալ 4-0 արդիւնքով գերազանցելով իրենց մրցակիցներուն:
Մայեմի Հիթ յաղթեց Ինտիանա Փէյսըրզին, Պոսթըն Սելթիքս՝ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին, իսկ Թորոնթօ Ռեփթըրզ՝ Պրուքլին Նեթցին:
Արեւելեան շրջանէն, վերջին մրցումին, այժմ Միլուոքի Պաքս 3-1 արդիւնքով կը գերազանցէ Օրլանտօ Մեճիքին:
Ինչ կը վերաբերի արեւմտեան շրջանին, ցարդ կատարուած մրցումներէն ետք, այժմ խումբերուն միջեւ արդիւնքը կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով.
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ-Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ՝ 3-1
Հիուսթըն Ռոքեթց-Օքլահոմա Սիթի՝ 2-2
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ-Տալաս Մավըրիքս՝ 3-2