Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան՝ Եուվենթուս, իր առաջին փորձը կատարեց իր նորանշանակ գլխաւոր մարզիչ՝ Անտրէա Փիրլոյի ղեկավարութեամբ: Նշենք, որ ան փոխարինեց՝ Մաուրիցիօ Սարիին:
Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց ըսելով, որ տեղի ունեցած փորձէն ետք, Փիրլօ այդ մէկը որակած է՝ հրաշալի:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Փիրլոյի մարզիչներու խմբակին էջ նկատի առնուած են՝ 13 մասնագէտներ:
41 տարեկանՓիրլոյի պայմանագրութիւնը՝ Եուվէի հետ նախատեսուած է մինչեւ 2022 թուականը: Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսած է 1994-ին, խաղալով իտալական շարք մը ակումբներու հետ, որոնց կարգին՝ Եուվենթուս, որուն հետ մասնակցած է 164 մրցումի, նշանակելով 19 կոլ եւ կատարելով՝ 38 էսիսթ:
Փիրլօ, առաջին անգամ ըլլալով է որ ակումբի մը մարզիչի պաշտօնը կը ստանձնէ: