Ինչպէս ծանօթ է եւ գրեթէ իրականանալու մօտ է այն մէկը, որ շուտով Պարսելոնա-Լիոնել Մեսսի ամուսնալուծում տեղի պիտի ունենայ, բացի եթէ մետասաներորդ պահուն երկու կողմերը իրարու հետ համաձայնին եւ արժանթինցին որոշէ մնալ քաթալոնիական ակումբին հետ:
Ըստ երէկուան լուրերուն, Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան՝ Մանչեսթըր Սիթի մեծ աշխատանք կը տանի եւ կը փորձէ օգտուիլ այս առիթէն, ձեռք ձգելու համար Մեսսիի ստորագրութիւնը, որուն համար կ’առաջարկէ…150 միլիոն եւրօ, եթէ ֆութպոլիստը չկարենայ մարզիկներու փոխանցման ընթացքին խզել իր պայմանագրութիւնը՝ Պարսայի հետ:
Նշենք, որ Մեսսիի հրաժարագինը թէեւ սահմանուած է 700 միլիոն եւրօ, բայց ըստ սպանական մամուլին, Պարսելոնա պատրաստ է, փոխան 222 միլիոն եւրոյի ծախել իր ֆութպոլիստին:
Ըստ Պարսելոնայի հետ իր կնքած համաձայնագիրին, Մեսսի իւրաքանչիւր տարեշրջանի աւարտին, անվճար կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին, սակայն այդ գծով ան իր ակումբը պէտք է որ տեղեակ պահէ նախքան 30 մայիս:
33 տարեկան Մեսսիի փաստաբանները վստահ են, որ «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով տարեշրջանին երկարաձգումը բացառիկ առիթ մը կը հանդիսանայ, որ Մեսսի միակողմանի խզէ իր ստորագրած պայմանագրութիւնը:
Ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են նաեւ՝ իտալական Ինթեր Միլանն ու անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտը: