Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան՝ «Էն. Պի. Էյ.»-Փլէյ-օֆ-ի ծիրին մէջ, սկզբունքով այսօր տեղի պիտի ունենային երեք ճակատումներ:
Սակայն անոնք երեքն ալ յետաձգուեցան, նկատի ունենալով վեց խումբերն ալ մրցումները պոյքոթի ենթարկեցին, բողոքելով երկրին ոստիկանութեան կողմէ կիրարկուող ցեղապաշտական արարքներուն համար:
Նկատի ունենալով որ մարզիկները որոշեցին մնալ հանդերձարան, ֆետերասիոնը որոշեց յետաձգել մրցումները:
Ինչ կը վերաբերի վաղը տեղի ունենալիք մրցումներուն, անոնց ճակատագիրը ցարդ կը մնայ անորոշ: