Իտալական մարզական մամուլը, իր լուրը քաղելով Ինթեր Միլանի մամլոյ քարտուղարութենէն, յայտնեց ըսելով, որ ակումբին գլխաւոր մարզիչ՝ Անթոնիօ Քոնթէ պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ:
Իտալական ակումբը, հանդիպում-ժողով մը ունենալէ ետք Քոնթէի հետ, յայտնեց, որ իտալացի մասնագէտը նուազագոյնը տարեշրջան մը եւս պիտի մնայ կազմին հետ:
Նշենք, որ ան Ինթերի մարզիչ նշանակուեցաւ 2019-ի ամրան: