Յառաջիկայ հինգշաբթի, 27 օգոստոսին, «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին 2020-2021 տարեշրջանին զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Ալաշկերտ պիտի մրցի Ռենովայի դէմ (Մակեդոնիա):
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի «Հանրապետական» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ալաշկերտի մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան՝ Սկովտիայէն: Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է՝ Նիքոլաս Վոլշ, կողմի իրաւարարները՝ Քալում Սփենս եւ Տուկլաս Փոթըր, իսկ չորրորդ իրաւարարը՝ Էնտրու Տալաս: