Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը Կրնայ Դարձեա’լ Յետաձգուիլ
Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Եւրոպայի 2020-ի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը, կրնայ դարձեա'լ յետաձգուիլ: Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը, իր կատարելիք նիստին ընթացքին, պէտք է որոշէ, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունենալիք այս ախոյեանութիւնը յետաձգե՞լ, կամ փորձել անոր կայացումը չյետաձգել: Սկզբունքով, անիկա պէտք էր որ տեղի ունենար 2-12 ապրիլին: Բայց անիկա յետաձգուեցաւ, մինչեւ յունիսի կէսը, որմէ ետք՝...




















