Ուրարտու Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին մաս կազմող երկու բերդապահները՝ Անաթոլի Այվազով եւ Արսէն Բեգլարեան հրաւիրուեցան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական, նկատի առնուելէ ետք հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոսի կողմէ, այս գծով յայտնեց, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայաստանի հաւաքականը, յառաջիկայ 31 օգոստոսէն՝ 8 սեպտեմբեր, ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, պատրաստուելու համար «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի մրցումներուն:
Նշենք, որ Հայաստան «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին կը սկսի, յառաջիկայ 5 սեպտեմբերին, երբ հիւրը պիտի ըլլայ Մակեդոնիոյ: Այս մրցումէն երեք օր վերջ, հայրենի կազմը պիտի հիւրընկալէ Էսթոնիան: