Այսօր՝ ուրբաթ, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լիկ-1»-ի երկրորդ հանգրուանի բացման մրցումին, Լիոն իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Տիժոնին: Մրցումը պիտի սկսի՝ ժամը 22:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Լիոն, Ա. հանգրուանին մրցում չկատարեց, մինչ Տիժոն, պարտութեամբ սկսաւ նոր տարեշրջանը:
Ինչ կը վերաբերի շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը՝ Փարիզ Սեն Ժերմէն, կիրակի օր պիտի կատարէ տաեշրջանի իր առաջին մրցումը, երբ հիւրը պիտի ըլլայ՝ Լանսին (ժամը 21:00-ին):