Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Արարատ-Երեւանի 8 ֆուտբոլիստներ, կարճ ժամանակի մը համար, փոխ պիտի տրուին Շիրակ Գիւմրիի, այս գծով յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նկատի առնելով հայկական ֆութպոլը եւրոպական մակարդակի վրայ պատշաճ ձեւով ներկայացնելու անհրաժեշտութեան հանգամանքը, Արարատ եւ Շիրակ ակումբները համաձայնութեան եկան, որ Արարատի ֆութպոլիստներ՝ Հրայր Մկոյեան, Էդգար Մալաքեան, Դաւիթ Մանոյեան, Ժիրայր Մարգարեան, Մարքօ Փրլեւիչ, Ուրոշ Նենատովիչ, Վսեվոլոտ Երմաքով եւ Կարէն Մուրատեան օգնեն Շիրակին, «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով անոր կատարելիք մրցումին:
Նշենք, որ «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը հինգշաբթի, 27 օգոստոսին, Շիրակ հիւրը պիտի ըլլայ Շթէուայի (Ռումանիա): Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի՝ ժամը 21:30-ին (Պէյրութի ժամանակցոյցով):