Լոնտոնեան Չելսիի սպանացի միջնապահ՝ Փետրօ Ռոտրիկես, իր ակումբը լքելով, միացաւ իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի խումբին, այս գծով պաշտօնապէս յայտնեց հռոմեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
33 տարեկան Փետրօ, իտալական կազմին միացաւ, ազատ գործակալի կարգավիճակով: Ան ստորագրեց երեք տարուան պայմանագրութիւն մը:
Չելսիի հետ հինգ տարեշրջանի ընթացքին, ան կատարեց 206 մրցում, նշանակելով՝ 32 կոլ:
Շատ հաւանական է, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մեկնարկը տրուի յառաջիկայ ամսուան կէսերուն:



