«Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ որոշուեցաւ Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքին մրցումին վայրն ու թուականը:
Անիկա որոշուեցաւ կայացնել յառաջիկայ 24 սեպտեմբերին, սահմանափակ թիւով՝ 30 տոկոս հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Այս ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Հունգարիոյ մայրաքաղաք՝ Պուտափեշտի մէջ գտնուող «Փուշքաշ-Արենա» մարզադաշտին վրայ:
Մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ «Չեմփիընզ-լիկ»-ի մրցաշարքին տիտղոսին տիրացած Պայէրն Միւնիխն ու «Եւրոպայի-Լիկա»-յի բաժակակիրին՝ Սեւիլլային: