Քաթալոնիական պարսելոնայի մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ՝ Լիոնել Մեսսի, որոշեց հեռանալ իր ակումբէն:
«Marca» յայտնեց ըսելով, որ Մեսսի ֆաքս-ով մը այս մէկը տեղեկացուցած է ակումբին ղեկավարութեան, նկատի ունենալով որ բաւական դժգոհ է իր կազմին արձանագրած արդիւնքներէն եւ ակումբին ապագան կը տեսնէ բաւական մութ:
Ըստ վերոնշեալ պարբերաթերթին, 33 տարեկան Մեսսի կ’ուզէ օգտուիլ պայմանագրութիւնը միակողմանի խզելու իր հնարաւորութենէն: Անոր պայմանագրութիւնը կ’աւարտի՝ յունիս 2021-ին:
Պարսելոնայի հետ իր կատարած մրցումներուն ընթացքին, Մեսսի 724 մրցումի ընթացքին նշանակած է 630 կոլ:
Նշենք, որ այսօր ակումբին մաս կազմող ֆութպոլիստները պիտի ենթարկուին յատուկ քննութիւններու, նախքան նոր տարեշրջանին գծով իրենց փորձերուն սկսիլը: Մեսսի յայտնեց ըսելով, որ այդ քննութիւններուն մտադիր չէ ենթարկուիլ, ոչ ալ փորձերուն սկսիլ:
Երէկ հրապարակուած կարգ մը լուրերու համաձայն, նշուեցաւ, որ շատ հաւանական է, որ Պարսելոնայի նախագահ՝ Մարիա Փարթոմէու ստիպուած ներկայացնէ իր հրաժարականը, որպէսզի ակումբը չկորսնցնէ Մեսսին:
Եթէ ան ներկայացնէ իր հրաժարականը, տեղի պիտի ունենան կանխահաս ընտրութիւններ: