Գլխաւորութեամբ՝ գլխաւոր մարզիչ Լիանա Հայրապետեանի, երէկ, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականը սկսաւ իր մարզական հաւաքին, այս գծով յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս հաւաքին ընթացքին, որ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, Հայրապետեան պիտի ընտրէ լաւագոյնները, որոնք յառաջիկային նկատի պիտի առնուին տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն ընթացքին:
Նշուեցաւ, որ վաղը՝ չորեքշաբթի, 26 օգոստոսին, հաւաքականը ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին պիտի մրցի Ալաշկերտի աղջիկներուն դէմ: