Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Վանաձորի Լոռիի կատարելիք բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան յաջորդ երկու մրցումները յետաձգուած են: Մնացեալ խումբերուն կատարելիք մրցումները պիտի ընթանան իրենց ճշդուած ժամկէտին:
«VBET» Հայաստանի «Փրեմիեր-Լիկ»-ին ծիրին մէջ, սկզբունքով երէկ Լոռի պիտի մրցէր Վանի դէմ, իսկ յառաջիկայ 29 օգոստոսին՝ Գանձասար-Կապանի դէմ: Անոնք երկուքն ալ յետաձգուեցան՝ անորոշ թուականով մը:
Ֆետերասիոնին մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նկատի ունենալով որ Վանաձորի ֆութպոլի ակադեմիային կողմէ կազմակերպութեան հասած նամակին մէջ նշուած է, որ երեքէ աւելի ֆութպոլիստներ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով, հետեւաբար, կիրարկելով օրէնքը, անոր կատարելիք յաջորդ երկու մրցումները կը յետաձգուին:
Այլ գետնի վրայ, երկրորդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Արարատ Արմենիա- Գանձասար Կապան հանդիպումը աւարտեցաւ՝ 1-1 հաւասարութեամբ:
Իսկ Փիւնիկ- Ուրարտու մրցումը աւարտեցաւ՝ ճերմակ հաւասարութեամբ: