Տիգրան Բարսեղեան Մասնակցեցաւ Ասթանայի Արձանագրած Յաղթանակին
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան, որ մաս կը կազմէ Ղազախստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող Ասթանայի, իր մասնակցութիւնը բերաւ նախորդ շաբաթավերջին իր կազմին արձանագրած յաղթանակին: Անոր կազմը 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Քայսարի դէմ: Իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Բարսեղեան փոխարինուեցաւ 87-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ այս հանգրուանէն ետք, Ասթանա իր տրամադրութեան տակ ունենալով...




















