Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան, որ մաս կը կազմէ Ղազախստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող Ասթանայի, իր մասնակցութիւնը բերաւ նախորդ շաբաթավերջին իր կազմին արձանագրած յաղթանակին:
Անոր կազմը 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Քայսարի դէմ:
Իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Բարսեղեան փոխարինուեցաւ 87-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ այս հանգրուանէն ետք, Ասթանա իր տրամադրութեան տակ ունենալով 30 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման 3-րդ դիրքը:
Առաջին դիրքը 45 կէտով կը գրաւէ Քայրաթ Ալմաթի: