Մարզական

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը  Պիտի Ստանայ 2,25 Միլիոն Եւրօ

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Պիտի Ստանայ 2,25 Միլիոն Եւրօ

Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-էն պիտի ստանայ 2,25 միլիոն եւրօ` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի ազգային խումբը «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Գ. դասակարգի Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւած էր: Իսկ Ա. եւ Բ. դասակարգերուն պարագլուխի դիրքերը գրաւած կազմերը յաջորդաբար պիտի ստանան 3 եւ 4,5 միլիոն եւրօ:  

Հայրենի Մարմնամարզիկները  Մեկնեցան Մինսք

Հայրենի Մարմնամարզիկները Մեկնեցան Մինսք

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը մեկնեցաւ Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսք, ուր պիտի կատարէ 14 օրուան ուսումնամարզական հաւաք մը: Այս հաւաքին կը մասնակցին Արթուր Դաւթեան, Արթուր Թովմասեան, Արթուր Աւետիսեան, Վահագն Դաւթեան եւ Գագիկ Խաչատրեան: Այլ գետնի վրայ նշուեցաւ, որ Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնը փափաք յայտնած է, որ հայրենի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը բերէ 15-21 դեկտեմբերին Փենզայի մէջ...

Ճատրակ.  Արոնեան Անյաջող Ձեւով Սկսաւ  Քառորդ Աւարտականի Բ. Հանգրուանը

Ճատրակ. Արոնեան Անյաջող Ձեւով Սկսաւ Քառորդ Աւարտականի Բ. Հանգրուանը

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան անյաջող ձեւով սկսաւ «Սքիլինկ Օփըն» ճատրակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի Բ. հանգրուանը: Արագ ճատրակի այս հանգրուանին, Արոնեան, որ կը մրցէր սեւ քարերով, 46-րդ վայրկեանին պարտութիւն մը կրեց իր ռուս մրցակիցէն` Եան Նեփոմնիաշիէն: Նախապէս տեղի ունեցած մրցումներուն, Արոնեան յաղթած էր 2,5-1,5 արդիւնքով: Նշենք, որ այս մրցաշարքը կազմակերպուած է աշխարհի ճատրակի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսընի կողմէ: Անոր մրցանակային...

«Էն. Պի. Էյ.»  Այս Տարեշրջանի «Օլ Սթար»-ի  Մրցումը Յետաձգուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.» Այս Տարեշրջանի «Օլ Սթար»-ի Մրցումը Յետաձգուեցաւ

Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի ֆետերասիոնին` «Էն. Պի. Էյ.»-ի այս տարեշրջանի «Օլ Սթար»-ի մրցումը յետաձգուեցաւ, այս մասին յայտնեց ամերիկեան մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ այս մրցումը յետաձգուեցաւ մինչեւ 2024: Անիկա տեղի պիտի ունենայ 16-18 փետրուարին: 2022-ի «Օլ Սթար»-ի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քլիվլենտի մէջ, իսկ 2023-ինը` Սոլթ Լէյք Սիթիի մէջ: Նշենք, որ անիկա ցուցադրական մրցում մըն է, որ կը կատարուի իւրաքանչիւր տարեշրջանին մեկնարկը...

Բժիշկները Կը Փորձեն Համոզել Փիքէն,  Որ Վիրաբուժութեան Ենթարկուի

Բժիշկները Կը Փորձեն Համոզել Փիքէն, Որ Վիրաբուժութեան Ենթարկուի

Քաթալոնական Պարսելոնայի բժիշկները կը փորձեն համոզել ակումբի կեդրոնի յետսապահ Ժերար Փիքէն, որ վիրաբուժութեան ենթարկուի` լիարժէք բուժում ստանալու համար, այս մասին յայտնեց «Sport.es» կայքը: «Ան ստացած է բաւական ծանր վնասուածք մը, եւ անոր վիճակը շատ լուրջ է: Իրադարձութիւններու անյաջող զարգացման պարագային, անոր ամբողջական ապաքինման համար կը պահանջուի 6-8 ամիս: Սակայն հակառակ պարագային, կրնանք խօսիլ 3-3,5 ամսուան մասին միայն», այս մասին յայտնեց...

Ռէալ Մատրիտ Մօտէն  Հետաքրքրուած Լուքաքույով

Ռէալ Մատրիտ Մօտէն Հետաքրքրուած Լուքաքույով

Սպանական «Մարքա» հանրածանօթ մարզական օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտ շատ մօտէն հետաքրքրուած է Ինթեր Միլանի պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքույով: Արքայական ակումբը, որ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ` զօրացնելու համար իր յարձակողական գիծը, պատրաստ է անոր փոխանցման համար վճարելու 85 միլիոն եւրօ: Նշենք, որ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին իտալական ակումբը յայտնեց, որ անոր հրաժարագինը սահմանած...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Պայէրն Միւնիխ Կրկնեց Աթլեթիքօ  Մատրիտի Ցուցանիշը

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ Կրկնեց Աթլեթիքօ Մատրիտի Ցուցանիշը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ, որ աւստրիական Սալզպուրկի դէմ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարք 4-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ այսպիսով արձանագրեց իր 16-րդ յաջորդական յաղթանակը` եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն գծով: Անիկա այդ արդիւնքը արձանագրելով յաջողեցաւ կրկնել սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտի ցուցանիշը, որ միակն ըլլալով նման նուաճումի հասած էր: Նշենք, որ այժմ մրցումները կը կատարուին խմբակներու...

Վաչէ Ծատուրեան` Արաբական Հեծելարշաւի  Կեդրոնի Գործադիր Խորհուրդի Անդամ

Վաչէ Ծատուրեան` Արաբական Հեծելարշաւի Կեդրոնի Գործադիր Խորհուրդի Անդամ

Արաբական Հեծելարշաւի ֆետերասիոնը յառաջացուց հեծելարշաւի զարգացման եւ վերաորակաւորման կեդրոնի գործադիր խորհուրդը, բաղկացած` 9 անդամներէ, գլխաւորութեամբ` շէյխ Ֆայսալ Պըն Հմայէտի: Սոյն խորհուրդին մաս կը կազմէ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Լիբանանի եւ Ֆրանսախօս երկիրներու հեծելարշաւի ֆետերասիոններու նախագահ, ինչպէս նաեւ Ասիական եւ Արաբական հեծելարշաւի ֆետերասիոններու անդամ, ՀՄԸՄ-ական Վաչէ Ծատուրեանը: Նշենք, որ Շարժայի էմիրութեան մէջ ստեղծուած այս կեդրոնը կը միտի զարգացնել արաբական աշխարհի հեծելարշաւի...

Մահացաւ Աշխարհահռչակ  Ֆութպոլիստ Տիեկօ Մարատոնան

Մահացաւ Աշխարհահռչակ Ֆութպոլիստ Տիեկօ Մարատոնան

Երէկ` չորեքշաբթի, 25 նոյեմբերին, մահացաւ աշխարհահռչակ ֆութպոլիստ, աշխարհի ախոյեան արժանթինցի աստղ Տիեկօ Մարատոնա` 60 տարեկան հասակին: Ան ծնած էր 30 հոկտեմբեր 1960-ին: Անոր մահուան այս լուրը ցնցեց գրեթէ ամբողջ մարզական աշխարհը, մանաւանդ` ֆութպոլասէրները: Նշուեցաւ, որ երկու շաբաթ առաջ ան դուրս եկած էր հիւանդանոցէն, ուր ուղեղային վիրաբուժութեան ենթարկուած էր: Միջազգային մարզական մամուլը յայտնեց, որ ան ունեցած է սրտի կաթուած, եւ բժիշկները...

Արցախցի Երեխաներուն Համար  Միջոցառումները Կը Շարունակուին

Արցախցի Երեխաներուն Համար Միջոցառումները Կը Շարունակուին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետրասիոնը կը շարունակէ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած արցախցի երեխաներուն համար միջոցառումներու շարքը: Ֆետերասիոնին ներկայացուցիչներն ու Հայաստանի աղջկանց ազգային հաւաքականին անդամները այցելեցին Ծաղկաձորի մէջ գտնուող Վալերի Փրիւսովի անուան պետական համալսարանի հանգստեան տուն, ուր ժամանակաւորապէս ապաստանած արցախցի ընտանիքներու երեխաներուն հետ խաղացին տարբեր տեսակի խաղեր, այս մասին յայտնեց ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Արցախցի երեխաները ֆետերասիոնին կողմէ ստացան նաեւ նուէրներ, ինչպէս` հագուստ, գնդակներ,...

Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբշամարտի  Հայաստանի Ախոյեանները

Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբշամարտի Հայաստանի Ախոյեանները

24-25 նոյեմբերին Երեւանի «Կազփրոմ» մարզական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի ախոյեանութիւնը: 9 տարբեր դասակարգերու ախոյեանութեան մրցումներէն ետք յստակացան Հայաստանի նոր ախոյեանները: Ստորեւ` նոր ախոյեանները. 57 քկ` Արսէն Յարութիւնեան, 61 քկ` Ռազմիկ Պապիկեան, 65 քկ` Վազգէն Թեւանեան, 70 քկ` Արման Անդրէասեան, 74 քկ` Արման Աւագեան, 86 քկ` Յովհաննէս Մխիթարեան, 92 քկ` Սերկէյ Սարգսեան, 97 քկ` Մարզպետ Գալստեան եւ...

Կռփամարտ.  Հայաստանի Մեծերու Ախոյեանութիւնը  Տեղի Պիտի Ունենայ Դեկտեմբերին

Կռփամարտ. Հայաստանի Մեծերու Ախոյեանութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Դեկտեմբերին

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի մեծերու ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբերին: Նշուեցաւ, որ «Տինամօ» մարզահամալիրին մէջ 30 նոյեմբերին պիտի սկսի աւագ տարիքի պատանիներու Հայաստանի ախոյեանութիւնը: 7-13 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ կրտսեր տարիքի պատանիներու, իսկ 14-19 դեկտեմբերին` մեծերու ախոյեանութիւնը: Տեղին է նշել, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, կռփամարտի միջազգային շարք մը մրցաշարքեր ջնջուեցան:

Ռուսական Ֆութպոլ.  Խորէն Բայրամեան Ընդգրկուեցաւ  «Փրեմիեր Լիկ»-ի Խորհրդանշական Կազմին Մէջ

Ռուսական Ֆութպոլ. Խորէն Բայրամեան Ընդգրկուեցաւ «Փրեմիեր Լիկ»-ի Խորհրդանշական Կազմին Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Խորէն Բայրամեան ընդգրկուեցաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր լիկ»-ի խորհրդանշական հաւաքականին մէջ: Ինչպէս հաղորդած էինք, 15-րդ հանգրուանին անոր կազմը` Ռոսթով, որ հիւրը եղաւ Ռուպին Քազանին, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ռոսթովի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ նոյնինքն Բայրամեան, որ տուպլէ մը իրագործեց 55-րդ եւ 76-րդ վայրկեաններուն: Այս յաղթանակէն ետք, Ռոսթով բարձրացաւ 5-րդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 26...

Թենիս.  2020 Տարուան Ամէնէն Շատ Մրցանակային  Գումար Շահած Մարզիկներուն Տասնեակը

Թենիս. 2020 Տարուան Ամէնէն Շատ Մրցանակային Գումար Շահած Մարզիկներուն Տասնեակը

Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող սերպ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ 2020 տարուան ընթացքին ամէնէն շատ մրցանակային գումար շահած թենիսմենն է, այս մասին յայտնեց արհեստավարժ թենիս խաղացողներու ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Ան շահած է` 6 միլիոն 435 հազար ամերիկեան տոլար: Ստորեւ` այդ տասնեակը. Նովաք Ճոքովիչ                             Տոմինիք Թիեմ                                     Ռաֆայէլ Նատալ 1.-Նովաք Ճոքովիչ (Սերպիա) 6.435.158 2.-Տոմինիք Թիեմ (Աւստրիա) 6.024.876 3.-Ռաֆայէլ Նատալ...

Իպրահիմովիչ Դարձեալ Ճանչցուեցաւ  Շուէտի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Իպրահիմովիչ Դարձեալ Ճանչցուեցաւ Շուէտի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Ա. Սէ. Միլանի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ ճանչցուեցաւ 2020 տարուան Շուէտի լաւագոյն ֆութպոլիստը: «Աֆթոնպլատեթ» պարբերաթերթը 39 տարեկան յառաջապահին շնորհեց «Ոսկիէ մարզակօշիկ» աւանդական մրցանակը: Այսպիսով, Իպրահիմովիչ 12-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս մրցանակին: 2018-ին եւ 2019ին մրցանակը բաժին ինկաւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի յետսապահ Վիքթոր Լինտելոֆին: Նշենք, որ ընթացիկ տարեշրջանին Իպրահիմովիչ իր ակումբին հետ 10 մրցումի ընթացքին նշանակեց 11 կոլ եւ կատարեց 2...

ՖԻՖԱ.  Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստի  Եւ Մարզիչի Թեկնածուները

ՖԻՖԱ. Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստի Եւ Մարզիչի Թեկնածուները

ՖԻՖԱ-ն ներկայացուց 2020 տարուան «Տը Պեսթ» մրցանակաբաշխութեան թեկնածուներուն անունները: Քուէարկութիւնը, որ սկսաւ երէկ, պիտի շարունակուի մինչեւ 9 դեկտեմբեր: Իսկ մրցանակաբաշխութիւնը պիտի կատարուի 17 դեկտեմբերին: Ստորեւ` այդ անուանացանկերը. Ֆութպոլիստներ Թիակօ Ալքանթարա (Լիվըրփուլ), Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (Եուվենթուս), Քեւին Տը Պրույնէ (Մանչեսթըր Սիթի), Ռոպերթ Լեւանտովսքի (Պայէրն Միւնիխ), Սատիօ Մանէ (Լիվըրփուլ), Քիլիան Մպափէ (Փարիզ Սեն Ժերմեն), Լիոնել Մեսսի (Պարսելոնա), Նէյմար (Փարիզ Սեն Ժերմեն), Սերճիօ Ռամոս...

«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Քլուժ- Ա. Էս. Ռոմա

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Քլուժ- Ա. Էս. Ռոմա

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եուրոփա Լիկ»-ի մրցաշարքին 4-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին բազմաթիւ ճակատումներ: Իտալական Ա. Էս. Ռոման, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, հիւրը պիտի ըլլայ Քլուժի: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  «Ֆայնըլ-Ֆոր»-Ի Մրցումներուն 12 Օտարական Մարզիկները

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Նամակը` Լիբանանի Կրթութեան Նախարար Թարեք Մաժզուպին

Երէկ` երեքշաբթի, 24 նոյեմբերին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական նամակ մը յղեց Լիբանանի կրթութեան նախարար Թարեք Մաժզուպին: Ֆետերասիոնը նախ եւ առաջ շնորհաւորեց նախարարը եւ այս նախարարութեան մէջ աշխատող բոլոր անձերը իրենց տքնաջան աշխատանքին համար` նշելով, որ անոնք ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն, որպէսզի լիբանանցի աշակերտներուն առցանց կամ բնականոն դասընթացքները ընթանան հեզասահ եւ անոնք յաջողութեամբ աւարտեն 2020-2021 տարեշրջանը: Նամակին մէջ նշուեցաւ, որ...

Ա. Էս. Ռոմա Մտադիր Է Երկարաձգել  Պայմանագրութիւնը   Հենրիխ Մխիթարեանի Հետ

Ա. Էս. Ռոմա Մտադիր Է Երկարաձգել Պայմանագրութիւնը Հենրիխ Մխիթարեանի Հետ

Իտալական «gazetta.it» կայքը կը հաղորդէ, որ Ա. Էս. Ռոմա մտադիր է երկարաձգել պայմանագրութիւնը` Հենրիխ Մխիթարեանի հետ: 31 տարեկան ֆութպոլիստին գործող պայմանագրութիւնը հռոմէական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Կը նշուի, որ փորթուգալցի Փաուլօ Ֆոնսեքայի գլխաւորած կազմը կը փափաքի մէկ տարիով երկարաձգել համագործակցութիւնը` հայ ֆութպոլիստին հետ: Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 11 մրցում` նշանակելով 6...

Արամ Դաւթեան Օգնութիւն  Ուղարկեց Հայաստան

Արամ Դաւթեան Օգնութիւն Ուղարկեց Հայաստան

«Փանչ Պոքսինկ Փրոմոշընզ»-ի հիմնադիր` Արամ Դաւթեան օգնութիւն ուղարկեց Հայաստան, այս մասին յայտնեց «Փանչ Պոքսինկ Արմինիա», իր պաշտօնական էջին մէջ: Նշուեցաւ, որ ան մեծ քանակութեամբ հագուստեղէն ուղարկած է Հայաստան: «Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին աւելի ուշ», նշուեցաւ անոր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Նշենք, որ արհեստավարժ կռփամարտիկներ Գոռ Երիցեան եւ Նարեկ Աբգարեան կը ներկայացնեն «Փանչ Պոքսինկ Փրոմոշընզ»-ը:  

Page 569 of 1279 1 … 568 569 570 … 1,279

Արխիւներ