Ինչպէս ծանօթ է, քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող Ժերար Փիքէ նախորդ շաբաթավերջին ստացաւ բաւական ծանր վնասուածք մը, որուն պատճառով ան ամիսներով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Սպանական մամուլը երէկ յայտնեց, որ անոր ակումբը արդէն իսկ գտած է զայն փոխարինողը:
Վալենսիայի նախկին յետսապահ, 34 տարեկան Էզեքիել Կարայ, որ այժմ ազատ ֆութպոլիստ է եւ մաս չի կազմեր որեւէ ակումբի, շուտով պիտի միանայ Սպանիոյ փոխախոյեանին:
 
			


