Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռոսթով, որ հիւրը եղաւ Ռուպին Գազանի, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ռոսթովի այս յաղթանակը կերտեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Խորէն Պայրամեան, որ տուպլէ մը իրագործեց` 55-րդ եւ 76-րդ վայրկեաններուն:
Անոր կազմը արձանագրուած այս յաղթանակէն ետք բարձրացաւ 5-րդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 26 կէտ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուին Մոսկուայի բանակայինները, որոնք ապահոված են 32 կէտ:
Երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ (31 կէտով), իսկ երրորդ դիրքը Սպարտակ Մոսկուա` 29 կէտով: