«Պունտըսլիկա». Տորթմունտ Պայէրնի Հետ Իր Ունեցած Կէտերու Տարբերութիւնը Նուազեցուց Կէտի Մը
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ, որ «Պունտըսլիկա»-ի 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն հիւրընկալեց Վերտըր Պրեմընը, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Քինկզլի Քոման նշանակեց Պայէրնի հաւասարութեան կոլը (62-րդ): Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ, որ 5-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Հերթա Պերլինի դաշտէն, մեծապէս օգտուեցաւ այս հաւասարութենէն: Անիկա այժմ միայն կէտով մը ետ կը մնայ Պայէրնէն, որ ունի 19 կէտ: Տորթմունտի յաղթանակը...




















