Անգլիական հանրածանօթ օրաթերթերէն «Տը Սան» հաղորդեց, որ 2 դեկտեմբերէն սկսեալ, Անգլիոյ մէջ պիտի արտօնուի համակիրներուն խաղադաշտ վերադարձը, սակայն` հանգրուանային ձեւով:
Երկրին ֆութպոլի դաշտերը պիտի բաժնուին երեք բաժիններու: Ոմանք պիտի հիւրընկալեն չորս հազար համակիրներ, ուրիշներ` երկու հազար, իսկ այլոց պարագային մրցումները պիտի կատարուին դռնփակ:
Նշուեցաւ, որ միայն Պրայթըն եւ Սաութհեմփթըն իրաւունք պիտի ունենան թրիպիւնները ամբողջութեամբ լեցնելու:



