Քաթալոնական Պարսելոնայի մաս կազմող սպանացի յետսապահ Ժերար Փիքէ, որ նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած «Լա Լիկա»-ի մրցումին ընթացքին ծանրօրէն վնասեց իր ծունկը, 3-5 ամիս պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս գծով յայտնեց սպանական մամուլը:
Երկրին լաւագոյն վիրաբուժներէն Փետրօ Լուիս Ռիփոլ յայտնեց, որ 33 տարեկան ֆութպոլիստին ստացած վնասուածքը բաւական լուրջ է:
Ան յայտնեց, որ եթէ անոր ապաքինումը նախատեսուածին պէս արագ չկատարուի, անոր ամբողջական ապաքինման համար պէտք պիտի ըլլայ… 6-8 ամիս: Հակառակ պարագային, ան իր խմբակիցներուն կրնայ միանալ 3-3,5 ամիսէն:



