Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 9-րդ հանգրուանի մրցումները:
Երկրին գործող ախոյեանը` Լիվըրփուլ, որ հիւրընկալեց Լայսթըր Սիթին, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ճոնի Իվընզ (21-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ), Տիեկօ Ժոթա (41-րդ) եւ Ռոպերթօ Ֆիրմինօ (86-րդ) նշանակեցին գերմանացի Եիւրկըն Քլոփի գլխաւորած կազմին կոլերը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Լիվըրփուլ, որ ունեցաւ 20 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը:
Առաջին դիրքին վրայ գտնուող Թոթենհամ, որ նախորդ շաբաթավերջին 2-0 արդիւնքով յաղթեց Մանչեսթըր Սիթիին, իր կարգին ունի 20 կէտ:
Սակայն Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբը` Եունայթըտ, յաղթանակ արձանագրեց, 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիընը: Պրունօ Ֆերնանտեզ նշանակեց մրցումին միակ կոլը (56-րդ):
Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Չելսի` 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Նիւքասըլի դաշտէն: