Սալահ Ապաքինած` «Քորոնա» Ժահրէն
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Լիվըրփուլի գլխաւոր մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ երէկ յայտնեց, որ ակումբին մաս կազմող եգիպտացի միջազգային յառաջապահ Մոհամետ Սալահ, ապաքինած ըլլալով «Քորոնա» ժահրէն եւ 10 օրուան ինքնամեկուսացումէն ետք, վերսկսած է իր փորձերուն:
Քլոփ ըսաւ, որ տեղի ունեցած փորձերը ցոյց տուին, որ ան գտած է իր նախկին կազմուածքը եւ կրնայ մասնակցիլ իր կազմին կատարելիք յառաջիկայի մրցումներուն:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական