Սպանական «ԱՍ» հեղինակաւոր մարզական օրաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ եւ Ինթեր Միլան մարզիկներու յառաջիկայ փոխանցման ընթացքին իրարու հետ ֆութպոլիստներու փոխանակում կատարելու հարցը կը քննարկեն:
Նշուեցաւ, որ Ինթերի դանիացի միջնապահ Քրիսթիան Էրիքսըն պիտի միանայ Ռէալ Մատրիտի, մինչ արքայական ակումբին սպանացի միջնապահ Իսքօ պիտի մեկնի հակառակ ուղղութեամբ:
Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ իտալական ակումբը իր 28 տարեկան ֆութպոլիստին փոխարինող մը կը փնտռէ եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տանի նաեւ անգլիական Արսենալի ու Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիկներուն գծով:
Դանիացի Էրիքսըն Ինթերին միացաւ լոնտոնեան Թոթենհամէն:



