Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր 4-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանին ծիրին մէջ կը կատարուին ութ մրցումներ` չորս տարբեր խմբակներու մէջ:
Այսօրուան կարեւորագոյն ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ մէջ, ուր Ինթեր Միլան պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը:
Բ. խմբակին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Անիկա երկուքին համար ալ պիտի ըլլայ շատ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անոնց այժմու գրաւած դիրքը այդքան ալ նախանձելի չէ. Ռէալ` 3-րդ, Ինթեր` 4-րդ:
Այս բաւական կարեւոր մրցումին, Ռէալ Մատրիտ պիտի ունենայ շարք մը կարեւոր բացակայ (վիրաւոր) մարզիկներ, որոնց կարգին` Սերճիօ Ռամոս եւ Քարիմ Պենզեմա:
Նշենք, որ երթին Ռէալ իր դաշտին վրայ արձանագրեց 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նոյն ժամուն, Լիվըրփուլ կը հիւրընկալէ Աթալանթան, Պայէրն Միւնիխ` Սալզպուրկը, Մարսէյ` Փորթոն: