Ափրիկէի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ եւ ՖԻՖԱ-ի փոխնախագահ Ահմետ Ահմետ հինգ տարիով զրկուեցաւ ֆութպոլի գործունէութեամբ զբաղելու իրաւունքէն, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մատակասքարցի 60 տարեկան Ահմետ ամբաստանուեցաւ 2017-էն 2019 ժամանակամիջոցին տարբեր տեսակի արարքներով իր պաշտօնը չարաշահելու, ինչպէս նաեւ անտեղի հսկայական գումարներ մսխած ըլլալու յանցանքով:
Նշենք, որ նախորդ ամիս ան յայտարարած էր, թէ իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ Հարաւային Ափրիկէի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան մարտ 2021-ին:



